ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Կը Շարունակէ Իր Քաղաքական Հանդիպումները
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, Կլէնտէյլի մէջ գտնուղ իր գրասենեակին մէջ,18 եւ 26 Ապրիլին, յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շրջանս այցելող պատմաբան եւ դիւանագէտ, Գանատայի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան պրն. Արա Պապեանի եւ Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռի խորհուրդի անդամ, Շուշիի առանձնակի գումարտակի նախկին հրամանատար, հասարակական-քաղաքական գործիչ պրն. Ժիրայր Սեֆիլեանի հետ:
Առաջին հանդիպումին պրն. Պապեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային ատեանին մօտ Սեւրի Դաշնագիրի վաւերացումը ապահովելու համար տարուած աշխատանքներուն մասին:
Շեշտելով այսպիսի գործունէութեան մը կարեւորութիւնը՝ Կեդրոնական Կոմիտէն գնահատեց տարուած աշխատանքը՝ խոստանալով այդ ծիրին մէջ գործակցիլ եւ նեցուկ կանգնիլ յետագային տարուելիք աշխատանքներուն...