Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն, Կլէնտէյլի մէջ գտնուղ իր գրասենեակին մէջ,18 եւ 26 Ապրիլին, յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ շրջանս այցելող պատմաբան եւ դիւանագէտ, Գանատայի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան պրն. Արա Պապեանի եւ Ազգային Ժողովրդավարական Բեւեռի խորհուրդի անդամ, Շուշիի առանձնակի գումարտակի նախկին հրամանատար, հասարակական-քաղաքական գործիչ պրն. Ժիրայր Սեֆիլեանի հետ:
Առաջին հանդիպումին պրն. Պապեան մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային ատեանին մօտ Սեւրի Դաշնագիրի վաւերացումը ապահովելու համար տարուած աշխատանքներուն մասին:
Շեշտելով այսպիսի գործունէութեան մը կարեւորութիւնը՝ Կեդրոնական Կոմիտէն գնահատեց տարուած աշխատանքը՝ խոստանալով այդ ծիրին մէջ գործակցիլ եւ նեցուկ կանգնիլ յետագային տարուելիք աշխատանքներուն:
Երկրորդ հանդիպումին պրն. Սեֆիլեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Միացեալ Նահանգներ իր այցելութեան նպատակին մասին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակին մասին, կեդրոնանալով յատկապէս Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար տարուող աշխատանքներուն վրայ:
Պրն. Սեֆիլեանին հաղորդուեցաւ, որ Կեդրոնական կոմիտէին համար Արցախի ժողվուրդի ինքնորշման իրաւունքի ապահովումը եւ Հայաստանի պետականութեան ու բանակին ամրապնդումը առաջնահերթութիւններ կը մնան եւ տեղեկութիւններ փոխանցուեցան այդ նպատակով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ Կեդրոնական կոմիտէին տարած եւ տարուող աշխատանքներուն մասին։
Շեշտուեցաւ, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութիւնը յոյժ կարեւոր մասնիկն է համայն հայութեան, առ այդ, համայնքը պէտք է մղել աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու այսպիսի աշխատանքներու։ Քննուեցան նաեւ ՀՅԴ Արեւտեան Ամերիկայի կառոյցի կարելիութիւնները ի սպաս դնելուՀայաստանի պետականութեան ամրապնդման գործին մէջ։
Սեֆիլեան կարեւոր համարեց Հայաստանի պետականաշինութեան գործին մէջ Սփիւռքի ունեցած դերը եւ յատկապէս գնահատեց ՀՅԴ Արեւտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէին սկզբունքային կեցուածքը այդ ուղղութեամբ:
Իր կարգին, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ողջունեց Հայաստանի վերելքին համար պրն. Սեֆիլեանի տարած աշխատանքը, անգամ մը եւս շեշտելով, թէ պիտի գործակցի Հայաստանի թէ Սփիւռքի բոլոր առողջ ուժերուն հետ, որոնք Հայաստանի պետականութեան ամրապնդումը կը դասեն աւելի բարձր կուսակցական եւ քաղաքական նեղմիտ շահերէն, յոյժ կարեւոր համարելով հայ ժողովուրդի միասնականութիւնը յատկապէս հայութեան համար ճակատագրական այս օրերուն։